2016-10-04 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի լսատեսողական պատգամը` ''Հանդիպումի մշակոյթը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի  4 հոկտեմբեր  2016-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը հայող հանդիպումի մշակոյթին ու այս առընչութեամբ լրագրողներու ու հաղորդակցութեան միջոցներու պատասխանատուութեան ու դերակատարութեան։

 

''Որպէսզի լրագրողները, իրենց մասնագիտութիւնը կատարելու ժամանակ, ըլլան միշտ ոգեւորուած ճշմարտութեան յարգանքով եւ բարոյական զօրեղ զգացումով։ 

 

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ըսէ

''Յաճախ հարց կու տամ թէ ի՞նչպէս հաղորդակցութեան միջոցները կարող են ծառայել հանդիպումի մշակոյթին.

Կարիքը ունինք տեղեկատուութեան մը որ հաշտութիւն կ՛ընծայէ` ի սպաս մարդկութեան ու կենսոլորտի բարիքին։

Միացիր իմ այս խնդրանքիս. ''Որպէսզի լրագրողները, իրենց մասնագիտութիւնը կատարելու ժամանակ, ըլլան միշտ ոգեւորուած ճշմարտութեան յարգանքով եւ բարոյական զօրեղ զգացումով''։ 

Կրնա՞ս օգնել ինծի տարածելու համար այս աղօթքի դիտաւորութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.